2015-07-20 09:52:00

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` ''Յիսուսով Աստուծոյ գորովը մարմին առաւ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուսի կարեկցութեամբ  մարդոց հանդէպ, Աստուծոյ գորովը մարմին առաւ'', ըսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կիրակնօրեայ  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան խորհրդածութեան ընթացքին, խօսքը ուղղելով ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած  հազարաւոր հաւատացեալներուն, որ հակառակ կիզիչ արեւին եւ տաքին համախմբուած էին սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ արժանանալով Ֆրանչիսկոս Պապին հիացումին որ զանոնք որակեց‘’ճշմարիտ քաջեր’’ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, խորհրդածութեան աւարտին, վերյիշեց ապա վերջերս կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը Լատինամերիկա` Էքուատոր­, Պոլիվիա ու Փարակուէյ։

Մեկնելով օրուան Աւետարանէն, որ կը նկարագրէ Յիսուսի կարեկցութիւնը հանդէպ իրեն հետեւող բազմութեան, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց աւետարանիչին գործածած երեք բայերը. Տեսնել, կարեկցութիւն ունենալ ու սորվեցնել։

Այս երեք բայերը իւրայատուկ են հովիւին` մասնաւորապէս առաջին երկու բայերը. Տեսնել ու կարեկցութիւն ունենալ։ Յիսուսի համար այս երկու բայերը  միշտ զուգորդուած եղած են Յիսուսի վարուելակերպին մէջ։ Անոր նայուածքը միշտ բխած է սրտէն։ Յիսուս կը ներկայանայ  որպէս Բարի Հովիւը։ Անոր կարեկցութիւնը, ոչ միայն մարդկային բնոյթ ունի այլ եւ կը ցոլացնէ Մեսիայի յուզումը, որով մարմնացաւ Աստուծոյ գորովը։  ''Արդարեւ մղուած այդ կարեկցութենէն Յիսուս կ’ուզէ սնուցանել բազմութիւնը հացով ու իր Խօսքով'', ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ Լատինամերիկան` մարդկային ու հոգեւոր կարողականութեամբ լի է, նոյնպէս եւ աղքատութեամբ­ ու մաղթեց որ որ անիկա առաջնորդուի Յիսուսի Հոգիէն` Բարի Հովիւէն։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշելով իր 9-րդ առաքելական ճամբորդութեան` Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ, շնորհակալութիւն յայտնեց այդ երկիրներու բնակիչներուն, իշխանութիւններուն ու կղերին, իրեն վերապահած սիրալիր ու ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Այցելութեան յաջողութիւնը եղաւ պտուղը խանդավառութեան ու համագործակցութեան - ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց -  Այս եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ փառաբանեցի Տէրը իր կատարած սքանչելագործութիւններուն համար այդ հողի բնակիչներուն վրայ, անոնց հաւատքին ու մշակոյթին համար։ Նոյնպէս Փառաբանեցինք Տէրը բնական գեղեցկութիւններուն համար, որով զարդարած է այդ երկիրները։ Լատինամերիկայի ցամաքամասը մարդկային ու հոգեւոր մեծ կարողականութիւններ ունի, կը պահպանէ խորապէս արմատականացած քրիստոնէական արժէքներ, թէեւ միաժամանակ կը դիմագրաւէ ընկերային ու տնտեսական մեծ հարցեր որոնց լուծումին համար Եկեղեցին իր սատարը կը բերէ տեղաշարժելով իր հասարակութիւններու հոգեւոր ու  բարոյական ոյժերը ու համագործակցելով ընկերութեան բոլոր խաւերուն հետ։

Աւետարանի քարոզութեան համար­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը­­, հրաւիրեցի դիմել Յիսուս Քրիստոսի, որպէսզի ունենան Անոր փրկարար շնորհքը եւ ոյժը ու Անոր յանձնառումը, քրիստոնէական վկայութիւն տալու ու աշխատելու Աստուծոյ խօսքին ծաւալումին ի սպաս։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր պաղատանքը ուղղեց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին,  Լատինամերիկայի մէջ մեծարուած ու ցամաքամասի Պաշտպան` Կուատալուփէի Տիրամօր.''Անոր բարեխօսութեան կը յանձնեմ պտուղը այն անմոռանալի առաքելական ճամբորդութեան'' ըսաւ Սրբազան Պապը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.